2015-10-23 10:04:00

Ֆրանչիսկոս Պապ նոր ''ժողով'' մը կը հիմնէ` հաղորդագրութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 22 հոկտեմբեր 2015-ի յետմիջօրէին, Ընտանիքի մասին Սիւնհոդոսական նիստի սկիզբը` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսք առնելով ժողովականներուն տեղեկացուց թէ ''որոշած է վատիկանեան նոր ''Ժողով'' մը հաստատել աշխարհականներուն, ընտանիքին ու կեանքի ի խնդիր իրաւասութեամբ եւ որ պիտի փոխարինէ աշխարհականներու եւ ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդները եւ որուն մաս պիտի կազմէ Կեանքի Քահանայապետական ակադեմիան''։ Սրբազան Քահանայապետը ապա յայտնեց թէ ''այս ուղղութեամբ հիմնեց ապա նոր յանձնախումբ մը հիմնեց որուն պարտականութիւնն է շարադրել նոր Ժողովի իրաւական պարտականութիւններու վաւերաթուղթը  որ ապա` յառաջիկայ դեկտեմբերին տեղի ունեցող Կարդինալական Խորհուրդի քննարկումին պիտի յանձնուի ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.